
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Նիւ Եորքի մէջ շարունակեց այլ պետութիւններու նախագահներուն եւ ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ ան երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, անոր թուրք պաշտօնակիցը` Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Քննարկուեցան Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը:
Վարչապետ Սալամ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ վաղը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի պաշտօնական խօսքը:
Միւս կողմէ, նախարար Պասիլ երէկ մասնակցեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու յատուկ նիստին, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին հետ:
Քննարկուեցան ահաբեկչութեան եւ լիբանանեան բանակին զինումին վերաբերող հարցեր:


