Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին. Սուրիոյ Կրօնական Խճանկարը Ոչնչացման Եզրին Է

September 24, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0923_Catherine-LichՏէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը Սուրիոյ տարածքին մէջ ողբերգական այլ դէպք մըն է: Այդ մասին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երէկ  յայտարարեց Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քեթրին Լիչ:

Բրիտանացի դիւանագէտին խօսքով` ինք մտահոգ է, որ այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ կրօնական խճանկարը ոչնչացման եզրին է: «Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող կրօնական համայնքները վտանգուած են: Ներկայիս միջազգային հանրութիւնը կը փորձէ ընդունելի ռազմավարութիւն գտնել այս վիճակէն դուրս գալու համար»,  ընդգծեց Քեթրին Լիչ:

Պատասխանելով այն հարցումին թէ որքա՞ն խոր կրնան ըլլալ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւնները, եւ կարելի՞ է արդեօք, որ ապագային ՕԹԱՆ դառնայ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի մէջ ապահովուող անվտանգութեան այլընտրանքը, Բրիտանիոյ դեսպանը ըսած է. «Ներկայիս ՕԹԱՆ-ի պատուախնդրութիւնը կը կայանայ դաշինքին հետ համագործակցող երկիրներուն մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու ծրագիրներուն նպաստելու մէջ»: Այդ երկիրներուն հետ ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան երկրորդ երեսը, ըստ դիւանագէտին, գործընկերներու խրախուսումն է, որպէսզի անոնք նոյնպէս նպաստեն միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման եւ պահպանման, բան մը, որ տուեալ պահուն Հայաստան կ՛ընէ: «Այդ գործընկերային յարաբերութիւններուն մէջ համագործակցող կողմը ինք կը թելադրէ իր ցանկութիւններն ու գործողութիւններուն ծրագիրները, այդ պարագային ՕԹԱՆ միայն փոխգործակցողի դերին մէջ կ՛ըլլայ: Այս ծիրին մէջ Հայաստան ռազմավարական անվտանգութեան տեսակէտէն ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցող երկրի ցայտուն օրինակ է, եւ կը շարունակէ առաւել լայն կարելիութիւններ փնտռել` դաշինքի խաղաղարար աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով»,  ընդգծած է Քեթրին Լիչ:

Իսկ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի` ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման փաստին եւ այդ տեսակէտէն ազրպէյճանական կողմի ռազմամոլ յայտարարութիւններուն, դեսպան Քեթրին Լիչ ըսած է. «Խաղաղութիւն պահպանելու եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու կոչը ուղղուած է ոչ միայն Ազրպէյճանին, այլ նաեւ Հայաստանին` երկու երկիրներու ղեկավարներուն: Քեթրին Լիչի համոզումով` խաղաղութեան կը ձգտին ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ազրպէյճանական կողմերը: «Շատ կարեւոր է նաեւ ժողովուրդները նախապատրաստել խաղաղութեան: Այստեղ խօսքը նաեւ փոխզիջումներու մասին է, որոնց երկու կողմերն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան», նշած է բրիտանացի դիւանագէտը:

 

 

Նախորդը

Պօղոսեան. «Հայ-Չինական Մշակութային Գործակցութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Շարունակութիւնը»

Յաջորդը

Փոքր Եւ Միջին Առեւտուրով Զբաղողները Չգոհացան Վարչապետին Հետ Հանդիպումէն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.