Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Ռմբակոծեց Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Գտնուող Զինեալներուն Կեդրոնները

September 23, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0922_ArmyԱռեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ փակեցին Քալամուն-Պէյրութ մայրուղին, ինչպէս նաեւ Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան` երկու ուղղութեամբ:

Աւելի ուշ բոլոր ճամբաները բացուեցան: Տահր Պայտարի մայրուղին փակող առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները շեշտեցին, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն` իբրեւ բողոք իրենց զաւակներուն ազատ արձակման յապաղումին դէմ:

«Եթէ մեր թղթածրարը արագ կերպով չլուծուի, ապա մենք բոլոր շրջաններուն ճամբաները պիտի փակենք եւ պիտի վերածուինք ոճրագործներու», շեշտեցին ցուցարարները:

Պէտք է աւելցնել, որ մինչ կը նախատեսուէր, որ երէկ առեւանգուած զինուորներէն Ալի Պազալը գլխատուէր, Պազալի կինը երեկոյեան բացայայտեց, որ ինք հանդիպած է Ժապհաթ Նուսրայի ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնցմէ ստացած պահանջագիր մը` ուղղուած Լիբանանի կառավարութեան:

Ժապհաթ Նուսրա խոստացած է նաեւ մէկ շաբաթով յետաձգել Ալի Պազալի սպանութիւնը, պայմանաւ որ կառավարութիւնը ընդառաջէ այդ պահանջներուն:

Ալի Պազալի կինը շեշտեց, որ Ժապհաթ Նուսրա չի պահանջեր Սուրիայէն Հըզպալլայի մարտիկներուն հեռացումը կամ Ռումիէի բանտէն իսլամական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, այլ կը պահանջէ Արսալի դէպքերուն առաջին օրէն բանակին կողմէ ձերբակալուածները վերադարձնել իրենց:

Միւս կողմէ, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պահանջեց Ռումիէի բանտէն ազատ արձակել բոլոր իսլամական բանտարկեալները եւ առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքներուն յայտնեց, որ անոնց զաւակներուն ազատ արձակումը ապահովող բանակցութիւնները խոչընդոտողը Լիբանանի կառավարութեան մաս կը կազմէ, «հետեւաբար կառավարութիւնը պէտք է հարցի լուծման բջիջ մը կազմէ եւ ոչ թէ տագնապի բջիջ մը», նշեց խորհուրդը:

Խորհուրդը շեշտեց, որ ինք դէմ է լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու արարքներուն` ընդգծելով, որ սուրիացի զինեալներէն կը պահանջէ ազատ արձակել առեւանգուած բանակայինները:

Երէկ երեկոյեան լիբանանեան բանակը իր թնդանօթներով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն դիրքերը:

Նշենք, որ պաշտօնական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին նաեւ, որ սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Արսալի բարձունքները` ուղղակի թիրախ դարձնելով զինեալ-ահաբեկիչները:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «ՏԱՀԵՇ Եւ Ժապհաթ Նուսրա Կը Միտին Փոխադարձ Առեւանգումներու Միջոցով Սիւննի-Շիի Սադրանքներ Հրահրել»

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ. «Առեւանգուած Զինուորներուն Ընտանիքներուն Ոչ Մէկ Երաշխիք Կրնանք Տալ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.