
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, բանակը զինելու ծրագիրները եւ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու թղթածրարը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Էսթեր Սոմսըն:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է զգուշանան սադրանքներէն, որոնք հետզհետէ կը շեշտուին երկրին մէջ:
Պըրրի ողջունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` գնդակահարուած լիբանանցի զինուոր Մոհամետ Համիէի նահատակութեան առիթով: «ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա կը փափաքին փոխադարձ առեւանգումները, որոնք իրենց կարգին սիւննի-շիի սադրանքներ կրնան հրահրել, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիները իրարու դէմ լարել», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:
Միւս կողմէ, Պըրրի նշեց, որ օրէնսդրական նիստ մը գումարելու առումով դրական մթնոլորտ կը տիրէ` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին խորհրդարանի դիւանը պիտի հրաւիրէ նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի որոշուի օրէնսդրական նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ ինք Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ պիտի քննարկէ նախագահական ընտրութեան համար Մարտ 14-ի ուժերուն առաջադրած նախաձեռնութիւնը:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը երկու տարուան համար հանրապետութեան նախագահ ընտրելու մասին ոչինչ քննարկած է` աւելցնելով, որ սկսելու համար այս մէկը քրիստոնեաներուն համար ընդունելի պէտք չէ ըլլայ:


