
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընկերակցութեամբ նախարարութեան ելեկտրական եւ ջրային հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Քմէյրի եւ ջրային հարստութեան ու ամբարտակներու կառուցման ճարտարապետ Զիատ Զախխուրի ուղղուեցաւ Պըքաաթա Քանաանի եւ Շապրուհի ամբարտակները` ստուգելու համար անոնց պայմաններն ու հետագային կատարուելիք աշխատանքին մանրամասնութիւնները:
Ա. Նազարեան ողջունեց տարուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ամբարտակի կառուցման թեքնիք եւ կենսոլորտային չափանիշները յարգելու իրականութիւնը:
Նախարար Նազարեան շեշտեց ջրամբարներու կառուցման անհրաժեշտութիւնը` երկրին ջրային հարստութիւնը պահպանելու ազգային ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ:
Նշենք, որ Պըքաաթա Քանաան ամբարտակը կ՛ապահովէ Մեթնի ոռոգումը, իսկ Շապրուհը` Քեսրուանի ոռոգումը:


