Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելեց Լաս Վեկաս, ուր ներկայ գտնուեցաւ Մար Շարպել եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:
Պատարագէն ետք ներկաներուն իր ուղղած խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ընթացքին կարեւորագոյն յատկանիշը միասնականութեան պահպանումն է:
Ան հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Սուրիա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա պէտք է միասնականանան, իսկ Լիբանան պէտք է կառչած մնայ միասնականութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան պատգամ երկիրը ըլլալու իրականութեան:
«Քաղաքական առումով տարակարծիք ըլլալու իրաւունք ունինք, սակայն մեր նահատակներուն ի՞նչ պիտի ըսենք, ի՞նչ կրնանք ըսել: Մենք իրաւունք չունինք մեր փոքր նպատակներուն համար կորսնցնելու հայրենիքը: Մեր արժէքը կը կայանայ իր իսլամներով եւ քրիստոնեաներով Լիբանանի պահպանումին մէջ, այլ խօսքով` պատգամ երկիր Լիբանանի պահպանման մէջ», ընդգծեց Պասիլ:
Պասիլ այցելեց նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր պաշտօնապէս ընդունուեցաւ քահանայ հօր, Լաս Վեկասի հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:
Պասիլ շնորհաւորեց ներկաները` բարձր գնահատելով զանոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու մայրենի լեզուն պահելու եւ պահպանելու համար:
«Աղէտը ձեզի յղկած է եւ միասնականացուցած, ինչպէս նաեւ մղած, որ կառչած մնաք ձեր ինքնութեան, իսկ այսօր մենք` արեւելքցիներս, որ կը կրենք հալածանքի նոյն ճակատագիրը, պէտք է կառչած մնանք մեր հողին եւ ինքնութեան», ընդգծեց Պասիլ:


