20 սեպտեմբերին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովի վերջին լիագումար նիստը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը կրկին իր յարկին տակ ընդունեց աշխարհասփիւռ մեր գործիչներուն Հայաստան-սփիւռք համաժողովը: Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլորդ մայր հայրենիքին մէջ»:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հանրապետութեան նախագահը նշեց. «2015-ին ազգովին պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 2015 թուականը քաղաքական լուրջ նախաձեռնութիւններու եւ ձեռքբերումներու տարի պէտք է դառնայ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան համար»:
Սուրիայէն ներգաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ «անոնք Եղեռնը վերապրած մեր նախնիներուն բեկորներն են, որոնք, սփռուելով աշխարհով մէկ, կրցան պահպանել ազգային դիմագիծն ու հայկականութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւելցնելով ըսաւ. «Ցաւօք սրտի, շրջանային հակամարտութիւնները հետզհետէ կ՛աւելնան, եւ մեր գերնպատակը պէտք է ըլլայ աշխարհի որեւէ ծայրը փորձութեան մէջ յայտնուած իւրաքանչիւր հայու ցաւին ու տառապանքին արձագանգելը` անկախ աշխարհագրական հեռաւորութենէ, միասնական ուժերով անոնց օգնելն ու սատարելը»:
Աւարտելով խօսքը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն անընդհատ ամրացնելու կապը հայրենիքին հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացը» նիւթով նիստին արդիւնքները` արձանագրելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հետեւանքներուն վերացումը այսուհետեւ պէտք է մնան մեր քաղաքական պայքարի օրակարգին վրայ եւ համազգային դատի վերջնական լուծման պիտի հասնինք հայութեան բոլոր հատուածներուն միասնական ջանքերով:
Բերիոյ թեմի մամլոյ քարտուղար, Սուրիոյ հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու ընդհանուր բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան ներկայացուց «Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները» նիւթով նիստի արդիւնքները` արձանագրելով, որ աշխարհի տարբեր անկիւնները գտնուող հակամարտութիւնները կը վտանգեն նաեւ հայ ժողովուրդի զաւակները եւ լուրջ մարտահրաւէր են Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ներկայացուց «Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի արդիւնքները` արձանագրելով, որ մեկնելով համազգային առաջնահերթութիւններէն եւ ներկայ մարտահրաւէրներէն, այսուհետեւ աւելի հետեւողական եւ ծրագրաւորուած աշխատանքներ պէտք է իրականացնեն Հայաստանի, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի վերաբերեալ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութեան աստիճանի բարձրացման ուղղութեամբ, յստակ քայլեր ձեռնարկեն թուրք-ազրպէյճանական կեղծարար, ապատեղեկատուական քարոզչամեքենային դէմ եւ իրենց ուժերը համախմբեն նաեւ օտարալեզու զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ հայկական հիմնախնդիրները արծարծելու, Հայ դատի լուծման նպաստելու համար:
Հայրենիք-սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովի մասին ամփոփիչ ելոյթով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ընդգծեց. «Մենք ուժեղ ենք միասին եւ միասնաբար պիտի կերտենք մեր պատմութիւնն ու ապագան` յանուն անկախ ու յաղթանակած Արցախի եւ կազմակերպուած սփիւռքի:
Համաժողովի աւարտին Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան ընթերցեց Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին կողմէ ընդունուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ հաստատուած են հետեւեալ կէտերը.
Հայաստան-Արցախ-սփիւռք գործակցութեան հետագայ ընդլայնումն ու զարգացումը կը նպաստէ համազգային առաջնահերթութիւններու յստակեցման եւ իրականացման հոլովոյթին, հայ ժողովուրդի անվտանգ գոյատեւման, ազգային շահերու եւ նպատակներու շուրջ հայութեան համախմբման:
Հայութիւնը իր միասնական ջանքերը պէտք է նպատակաուղղէ.
Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, հետագայ յառաջընթացին եւ ապահովութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդարացի եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ լուծումին:
Սփիւռքի կազմակերպման:
Ազգային ինքնութեան պահպանման եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման:
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման:
Հայ եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբումին:
Արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու օգնութեան եւ աջակցութեան:
Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:


