Ահաբեկչութիւնը երէկ դարձեալ Արսալի մէջ թիրախ դարձուց լիբանանեան բանակը, երբ անոր պատկանող փոխադրատար մը կ՛անցնէր գիւղաքաղաքին ներքին փողոցներէն:
Փոխադրատարը բախած էր ճամբեզրին գտնուող ականի մը, որուն պատճառով նահատակուեցան երկու զինուորներ եւ վիրաւորուեցան երեք ուրիշներ:
Բանակը անմիջապէս շրջափակեց պայթումին վայրը, ուր փութացին նաեւ բանակի սակրաւորները:
Յետմիջօրէին Արսալի Ուատի Հմայտ եւ Մասիատա շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան:
Բանակը արեւելեան լեռնաշղթային եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ հրթիռներով ռմբակոծեց զինեալները, մինչ սուրիական օդուժը ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն թաքստոցները:
Բանակի հրամանատարութիւնը երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պայթումէն ետք բանակը Արսալի մէջ գործադրած է ներխուժումներ եւ ձերբակալած մեծ թիւով կասկածելիներ:
Բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց նահատակուած զինուորներ Ալի Ահմետ Հմատի Խարրաթն ու Մոհամետ Ասեմ Տահերը:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 6:30-ին, անծանօթներ «Իներկա» տիպի նռնականետով թիրախ դարձուցին Թրիփոլիի Օմարի շրջանին մէջ զետեղուած բանակի անցարգելը:
Ժապհաթ Նուսրա Կը Գնդակահարէ
Զինուոր Մոհամետ Համիէն
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երեկոյեան ժամը շուրջ 10:00-ին հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրա գնդակահարած է իր մօտ գտնուող առեւանգուած լիբանանցի զինուորներէն Մոհամետ Համիէն:
Համիէի սպանութեան լուրէն ետք Պաալպեքի Թարայա շրջանին մէջ արձանագրուեցաւ իրարանցում:
Այս մասին լիբանանեան բանակը ոչինչ յայտարարեց:
Դատապարտումի Ալիք
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել խստիւ դատապարտեց բանակի զրահապատ մը ականահարելու արարքը` ընդգծելով, որ ահաբեկչական այդ գործողութեան նպատակն է լիբանանեան բանակին եւ լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել, որպէսզի ահաբեկիչներուն զօրակցող միջավայր մը ստեղծուի:
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ կոչ ուղղեց համախմբուելու մէկ նպատակի շուրջ, որուն անունն է պաշտպանել Լիբանանը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ շեշտեց, որ բանակին դէմ յարձակումը կը միտի Արսալն ու անոր բնակիչները հարցերու մէջ մխրճել եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ գտնուող լիբանանցի զինուորները ազատ արձակելու ջանքերը անտեսել:
Հարիրի վերահաստատեց բանակին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ ողջունեց անոր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ազգային համերաշխութեան համար:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց բանակին դէմ գործուած ականահարումը եւ ցաւակցեցաւ նահատակ զինուորներուն ընտանիքներուն ու բանակի հրամանատարութեան:
Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան միասնականութիւնն ու բանակին զօրակցութիւնը կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի ամրապնդումն ու զանազան վտանգներէ անոր պաշտպանութիւնը:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը դատապարտեց Արսալի մէջ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու արարքը եւ ողջունեց բանակայիններուն քաջութիւնը` երկրին սահմաններէն ահաբեկիչներուն մուտքը արգիլելու իմաստով:
Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը անհրաժեշտ նկատեց բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել ահաբեկչութեան:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դատապարտեց այդ քստմնելի արարքը` ցաւ յայտնելով, որ բանակը մնայուն կերպով նոյն ճակատագիրին կ՛ենթարկուի երկրին մէջ քաղաքական միատարր մեկնաբանութեան եւ պատասխանատու վարուելակերպի չգոյութեան պատճառով: Ան գուժեց նահատակ զինուորներուն մահը եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Ահաբեկիչներու Ձերբակալում
Պէտք է աւելցնել, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը չորս օր առաջ Արսալի Մասիատա շրջանին մէջ ձերբակալած է լիբանանցի Պասսամ Եուսեֆ Հուժէյրին` երկու սուրիացիներու` Ահմետ Սամիր Հինի եւ Ֆատի Ամմար Հալապիի հետ, որոնք ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած էին:
Ձերբակալեալներուն հետ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին բացայայտուած է, թէ անոնք ներկայ էին Ապպաս Մըտլեժի գլխատումին եւ գիտեն առեւանգուած զինուորներուն գտնուած վայրը:
Անոնցմէ մէկը խոստովանած է նաեւ, որ ինք Մըտլեժի դիակը թաղած է Ռահուէի հովիտին մէջ:
Մըտլեժի ընտանիքը երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեց Պաալպեքի մէջ: Ընտանիքը հրկիզուող անիւներով փակեց Պաալպեքի մուտքը` Տուրիս գիւղաքաղաքին մօտ, պահանջելով մահապատիժի ենթարկել իրենց զաւակը սպաննող ձերբակալեալները եւ կամ իրենց յանձնել յանցագործները:
Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցի զինուորներու ազատ արձակումի թղթածրարի պատասխանատու հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նախանցեալ օր վարչապետ Թամմամ Սալամի փոխանցեց Տոհայի մէջ թրքական եւ քաթարեան գաղտնի սպասարկութեան պետերուն` Հաքան Ֆիտանի եւ Ղանեմ Քպայսիի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Այս առումով, վարչապետ Սալամ նախանցեալ օր կառավարութեան նիստին ընթացքին նախարարներէն պահանջեց հանդարտեցնել լիբանանցիները` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի այլ բանակային մը գլխատելու պարագային:
Նշենք, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Հուսամ Ղալի հաստատեց, որ խորհուրդը կը շարունակէ իր ջանքերը` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով, հակառակ անոր որ իրենք այլեւս ուղղակիօրէն պատասխանատու չեն այդ թղթածրարին:


