
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
Քալիֆորնիոյ մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքի մէջ չինացի յատուկ պատուիրակ Քունկ Չիաուչինկ նախանցեալ օր ուշ գիշերին այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Պասիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոցները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Չիաուչինկ մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ` ընդգծելով, որ պէտք է լիբանանեան-չինական յարաբերութիւնները ամրապնդել:


