Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կումինսքի. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Ճամբուն Վրայ Խոչընդոտներ Կան»

September 16, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վիքթոր Կումինսքի
Վիքթոր Կումինսքի

Աշխատանքային այցելութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Հայաստան հասած Պիելոռուսիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վիքթոր Կումինսքի կիրակի օր լրագրողներու հետ հանդիպման ատեն ըսաւ, որ Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան ճամբուն վրայ խոչընդոտներ կան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կրնայ ըսել չդադրող այն յայտարարութիւններուն, հրապարակումներուն կապակցութեամբ, թէ մէկ կողմէ` Ռուսիոյ, միւս կողմէ Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միջեւ տարակարծութիւններ կան Եւրասիական միութեան Հայաստանի միանալու առնչութեամբ, Պիելոռուսիոյ խորհրդարանի ստորին` ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահը ըսաւ. «Գիտեմ, որ կան որոշ կէտեր, որոնց ուղղութեամբ այսօր աշխատանքներ կը տարուին, նախ` Եւրասիական յանձնաժողովին մէջ, նաեւ պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ: Նաեւ գիտեմ, որ այդ հոլովոյթը կը յառաջանայ: Ես կապ չունիմ այդ հոլովոյթին հետ, սակայն վստահ եմ, որ ամէն ինչ կը համաձայնեցուի, կը գտնուի ընդունելի տարբերակ մը, որպէսզի բոլոր այդ խոչընդոտները վերացուին: Յամենայն դէպս, մենք միայն կը խօսինք այն մասին, որ Հայաստան պէտք է ըլլայ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, այլ ուղերձներէ տեղեակ չեմ»:

Պիելոռուսիոյ Մէջ Համաձայնագիրի Նախագիծը
Տակաւին Քննարկման Հանգրուանի Մէջ Է

Հայաստան եւ Ռուսիա իրենց համաձայնութիւնը տուած են Եւրասիական միութեան Երեւանի անդամակցութեան համաձայնագիրի նախագիծին: Որպէսզի ատիկա ստորագրուի, օրինակ, 10 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ նախատեսուած եւրասիական վեհաժողովին, նախագիծին պէտք է համաձայնութիւն տան նաեւ Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը: Վեհաժողովին քիչ օրեր  մնացած են, մինչ Մինսքէն եւ Ասթանայէն լուրեր չկան:

«Եւրասիական միութեան Հայաստանի միանալու համաձայնագիրի նախագիծը այժմ Պիելոռուսիոյ մէջ օրէնսդրական ընթացակարգերու առարկայ է եւ կը քննարկուի: Յառաջիկային ատիկա պիտի ներկայացուի կառավարութեան: Կառավարութիւնն ալ պէտք է ներկայացնէ խորհրդարան` վաւերացման»,  ըսաւ Վիքթոր Կումինսքի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ  պիելոռուսական խորհրդարանը ե՞րբ կ՛ընդունի փաստաթուղթը, եւ արդեօք կը հասցնե՞ն մինչեւ  10 հոկտեմբեր Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովը, Պիելոռուսիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը արձագանգեց. «Ինչ կը վերաբերի մեր Ազգային ժողովին, մենք նպատակ դրած ենք եւ բոլոր քայլերուն կը ձեռնարկենք, որպէսզի 2 հոկտեմբերին սկսող խորհրդարանի նստաշրջանի սկիզբը կառավարութեան կողմէ այդ փաստաթուղթը ներկայացուի մեզի, որպէսզի մենք կարենանք մինչեւ վեհաժողով ատիկա վաւերացնել: Որքան տեղեակ եմ, ճիշդ այդ վեհաժողովին ալ կը յայտարարուի Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին»:

Նախորդը

Թուրք Նախարարը Հայաստանի Հետ Յարաբերութեանց Նոր Ժամանակաշրջանի Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Ասթանայի Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Յանձնախումբի Ժողովին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.