
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնած է, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները յառաջ մղելու իր բաժինը կատարած է, եւ բոլորը կարիքը ունին իրարու հետ ապրելու` խուսափելով անցեալին պատահածը նշելէ:
Պոզքըր Լիզպոն այցելութեան մը ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման հարցին: Ան անդրադառնալով 24 ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նամակին յայտնած է. «Այս նամակով մենք ցոյց տուինք, որ ցաւալի դէպքերուն էջը փակելով նոր էջ մը կը բանանք եւ խաղաղութեան ձեռք կ՛երկարենք: Եթէ (մեր հայ) պաշտօնակիցները այդ ձեռքը ընդունին, կրնանք նոր էջ մը բանալ: Անկարելի է (միասնաբար դէպի) աշխարհի ապագան քալել` ատելութեամբ եւ զիրար սպաննելով»:
Պոզքըր նաեւ յուսալից էր երկու երկիրներու յարաբերութեանց ապագային նկատմամբ` նկատի ունենալով, որ երկու կողմերուն հանդուրժողականութիւնը հրատապ հարց է: «Այսուհետեւ հրամայական է, որ բոլորը ապրին խաղաղութեամբ եւ իրենց ետին ձգեն անցեալի դէպքերը: Մենք` իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, մեր բաժինը կատարեցինք», ըսած է ան:


