«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի ընտանիքի հայցին ընթացք տուած է` Ազրպէյճանի կառավարութենէն բացատրութիւն պահանջելով: Պետրոսեանի ընտանիքի ներկայացուցիչներու պահանջին ի պատասխան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 12 սեպտեմբերին խնդրած է Ազրպէյճանի կառավարութենէն բացատրութիւններ ներկայացնել «Կարէն Պետրոսեանի մարմինի վերադարձման հարցին առնչութեամբ Ազրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումին եւ դիակը ընտանիքին վերադարձնելու ձգձգումներու պատճառներուն մասին», մինչեւ 26 սեպտեմբեր 2014:
10 սեպտեմբերին Պետրոսեանի ընտանիքը ներկայացնող աշխատանքային խումբը դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին` դատարանի կանոնագիրքի 39-րդ կանոնին վրայ հիմնուելով, խնդրելով դատարանին միջամտութիւնը Պետրոսեանի դիակը անյապաղ եւ անվնաս վիճակի մէջ ընտանիքին վերադարձնելու նպատակով:
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի կոչերուն եւ յորդորներուն` Ազրպէյճան տակաւին Պետրոսեանի դիակը չէ վերադարձուցած իր հարազատներուն:


