
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան ծերակուտական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժան Ժերմանի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մահմուտ Պըրրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի եւ Զուիցերիոյ դեսպաններ Ալեքս Լինարթս եւ Ռութ Ֆլինթ:
Նշենք, որ Պըրրի վերահաստատեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ընտրանքը մերժելու իր կեցուածքը` հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրենց պատասխանատուութենէն փախուստ կու տան` նախագահական ընտրութեան առումով:


