Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական ձեռնարկները Ֆրանսայի մէջ կը սկսին յառաջիկայ տարուան յունուարէն:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան` շեշտելով, որ ձեռնարկները Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ առիթ կու տան պայքարի պատմութիւնը բաժնելու «մինչեւ 2015 թուականը եւ 2015-էն ետք»: «2015 թուականը շատ կարեւոր տարի պիտի ըլլայ ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ: Ամէն տեղ յայտագիրները շատ բարձր մակարդակով պիտի կատարուին, Թուրքիոյ համար շատ վատ տարի պիտի ըլլայ, որովհետեւ բոլոր երկիրներուն մէջ հանրային կարծիքը, մամուլը, հեղինակաւոր անձնաւորութիւնները պիտի միանան մեզի, եւ ատիկա լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Թուրքիոյ համար: 2015 թուականի յունուարէն կը սկսին պաշտօնական ձեռնարկները, հանդիսութիւնները, հրատարակութիւնները, շարժապատկերներու ցուցադրութիւնները, լրատու միջոցներուն մէջ յօդուածներու, հաղորդումներու սփռումը, քաղաքապետարաններու մէջ ցուցահանդէսները: 24 ապրիլին Ֆրանսայի նախագահը պիտի գայ այստեղ (Երեւան. «Ա.») առաջին նախագահն է, որ յայտարարեց այդ մասին, պէտք է որ Եւրոպայի կամ աշխարհի տարբեր երկիրներու նախագահներ միանան: Շատ լուրջ հետեւանք պէտք է ունենայ», նշեց Մուրատ Փափազեան:
Ըստ անոր, ոգեկոչման ձեռնարկներու առանցքին մէջ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու ռազմավարութիւնը: «Պատգամը, որ պիտի հնչէ 2015-ին, այն է, որ ճար չկայ, դուք ոչ միայն պէտք է ճանչնաք, այլ նաեւ հետեւանքները պէտք է հաշուի առնէք: Այնքան ուժեղ ձեւով պէտք է աշխատինք, որ Թուրքիա այն տպաւորութիւնը ունենայ, որ այլ ելք չունի», ընդգծեց ան:
Մուրատ Փափազեանի համոզումով, Ֆրանսայի հանրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնէն տեղեակն է, շնորհիւ ֆրանսահայ համայնքի երկար տարիներու լուրջ աշխատանքին: «Շատ ջանք թափեցինք, որպէսզի ամէնէն բարձր` նախագահի մակարդակով լսելի դարձնենք մեր դատը: Ֆրանսուա Հոլլանտ առաջին նախագահն է, որ մասնակցած է ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան` կազմակերպուած ֆրանսահայ գաղութին կողմէ », նշեց Մուրատ Փափազեան` աւելցնելով, որ արդէն երկու տարի է Ֆրանսայի երկրորդական դպրոցներու աշակերտները իրենց դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթ ունին: Հայ դատի յանձնախումբը մասնակցած է այդ բովանդակութեան պատրաստութեան, մասնագէտները տարիներ շարունակ աշխատած են Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան հետ», յայտնեց Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը:


