Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ արագ հանդիպում մը տեղի ունենայ:
Ան կարեւոր նկատեց լիբանանեան բանակին զօրակցութիւնը եւ շեշտեց անոր ընծայուելիք քաղաքական հովանաւորութեան ու զայն բացայայտօրէն չքննադատելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժոմպլաթ լուսարձակներէ հեռու հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան ռմբակոծումներուն եւ աւելի ուշ անոր դէմ որդեգրուելիք քաղաքական քայլերուն վերաբերող հարցեր:


