Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, ցուցաբերելով բարի կամեցողութիւն եւ յանձնառութիւն ժընեւեան հռչակագիրներու դրոյթներուն, Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի Ստեփանակերտի գրասենեակին օժանդակութեամբ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն յանձնեցին 5 սեպտեմբերին 2014-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանը Մարտակերտի շրջանին մէջ առանձին անցած եւ Արցախի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ ձերբակալուած Ճաւիտ Սամիր օղլու Մուզաֆարզատէն` 1999 թուականին ծնած Միր Պաշիր քաղաքի անչափահաս բնակիչը: Փոխանցումը տեղի ունեցաւ երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանի հատուածին մէջ` Պաշ Քարավենտ գիւղին մօտ: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու պետական յանձնախումբը:


