Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ, նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 67 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Պութրոս Հարպ, Ժըպրան Պասիլ եւ Ռոնի Արայժի:
Նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս քննարկուող հիմնական նիւթերը եղան երկրին ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Արսալի զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ այդ նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին տուած որոշումները:
Ապահովական առումով կառավարութիւնը վերահաստատեց բանակին նկատմամբ ամբողջական զօրակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պատերազմին առումով:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը եւ առեւանգուած զինուորականներուն թղթածրարը պարանաձգութեան շրջագիծէն դուրս պահելը` վերահաստատելով, որ լրատուամիջոցները պէտք է յանձնառու ըլլան գործադրելու օրէնքը եւ պատուոյ ուխտը` լուրերը հաղորդելու ընթացքին:
Կառավարութիւնը նշանակեց երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպման յատուկ խորհուրդը` դատաւոր Նատիմ Ապտել Մալաքի նախագահութեամբ:
Նշենք, որ կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2014-ին, վարչապետ Թամմամ Սալամ տասը ժամուան համար պիտի այցելէ Քաթար` հետապնդելու համար առեւանգուած զինուորականներուն հարցը:


