Lifenews.ru կը հաղորդէ, որ Լիպերիոյ պաշտպանութեան նախարար Պրաունի Սամուքայ յայտարարած է, որ Իպոլա ժահրը տարածուած է պետութեան 15 շրջաններէն 9-ին մէջ «անտառային հրդեհի նման` իր ճամբուն վրայ ոչնչացնելով ամէն ինչ»:
Սամուքայ ընդգծած է, որ Լիպերիոյ բժշկական թոյլ ենթակառոյցը «լեցուած է» հիւանդներով, եւ պետութիւնը կը զգայ արհեստավարժ բժիշկներու եւ հիւանդութեան դէմ պայքարի ֆինանսաւորման պակասը:
ՄԱԿ-ի մէջ Լիպերիոյ դեսպան Քարին Լանտկրեն յայտարարած է, որ պետութեան առնուազն 160 բժիշկ վարակուած է Իպոլայով, եւ անոնց կէսը արդէն մահացած է: Ան զգուշացուցած է, որ Լիպերիոյ մէջ ժահրով վարակուելու դէպքերու մասին իրական տուեալները եւ մահացածներու թիւը նուազեցուած են: Լանտկրեն նշած է, որ համաճարակը բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ պետութեան տնտեսութեան, անվտանգութեան, ընկերային եւ քաղաքական մարզերուն վրայ:
Դեսպանը նշած է, որ Իպոլայի համաճարակը դարձած է մեծագոյն սպառնալիքը աւարտէն ետք 14-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին, որ 250 հազար մարդու կեանք խլած է:
Վրաստանի Մէջ 57 Մարդ Կը Գտնուի
Վերահսկողութեան Տակ
Վրաստանի Հիւանդութիւններու եւ հասարակական առողջութեան վերահսկման ազգային կեդրոնի փոխնախագահ Փաթա Իմնածէ «Նովոսթի Կրուզիա»-ին յայտնած է, որ Վրաստանի մէջ Իպոլա Ժահրի բացայայտման համար հսկողութեան տակ կը գտնուին 57 անձեր, որոնք շուրջ մէկ ամիս առաջ ժամանած են Վրաստան: Ներկայ պահուս հսկողութեան տակ կը գտնուին 57 անձեր, որոնք հիմնականին մէջ ուսանողներ են Նիկերիայէն: 170 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Նիկերիոյ մէջ Իպոլա Ժահրի միայն 22 դէպք արձանագրուած է», ըսած է Իմնածէ` աւելցնելով, որ ներկայ պահուս Վրաստանի մէջ ժահրով վարակուած հիւանդ չկայ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան չորեքշաբթի օր հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Իպոլա ժահրէն մահացած մարդոց թիւը հասած է 2296-ի: Հիւանդութենէն կը տառապի 4293 մարդ: Ինչպէս մասնագէտները կը նշեն, ասիկա պատմութեան մէջ ժահրին ամէնէն լայնածաւալ համաճարակն է:


