
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ գտնուող Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումին թուականն ու ծրագիրը կը յստակացուին:
«Յաջորդ շաբաթ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հերթական այցելութիւն պիտի կատարեն շրջան, իսկ ատկէ ետք Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը», ըսած է ան:
Նախապէս Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ նախագահները յաջորդ անգամ պիտի հանդիպին Ֆրանսայի մէջ: Ըստ դեսպանին, այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր ամսուան աւարտին:


