Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար բացակայիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ խորհրդաժողովէ մը, որուն մասնակցելու հրաւէր ստացած է:
«Մեր երկիրը ահաբեկչական յարձակումներու ենթակայ է, եւ անկասկած մենք ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մաս կը կազմենք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսա յայտնեց, որ Ժետտայի մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան խորհրդաժողովին Լիբանան պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք խորհրդաժողովը պակասաւոր կը նկատուի, որովհետեւ ան ահաբեկչութեան դէմ պայքարող բոլոր պետութիւնները չ՛ընդգրկեր:
Զասիփքին նշեց, որ խորհրդաժողովը, որուն Ռուսիա, Սուրիա եւ Իրան ներկայ պիտի չգտնուին, կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի բարեկամ երկիրներու հանդիպում մը:


