
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Արիտի շեշտեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ իրենք գիտեն, որ կայ լուրջ վտանգ մը, որ կը սպառնայ բոլորին անխտիր:
Արիտի հաստատեց, որ լիբանանցիները ախտաճանաչումին շուրջ կը համաձայնին, սակայն ոչ լուծումներուն, ինչ որ լիբանանցիները կը մղէ մտահոգուելու եւ ստանալու այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ պետութիւնը լքած է զիրենք: «Այս շրջագիծին մէջ պէտք չէ զարմանալ առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումի պահանջներուն զուգահեռ որդեգրուած մագլցողական քայլերէն, սակայն վարչապետ Սալամ իր համբերութեամբ եւ իմաստուն
կեցուածքներով մեծ զոհողութիւններ կը ստանձնէ եւ կը փորձէ ամէն իմաստով առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին լուծում գտնել», ըսաւ ան:
Արիտի աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն է` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացող միացեալ վտանգին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետը մնայուն կերպով կապ կը հաստատէ երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ` «շրջափակելու» համար ապահովական խախտումները:


