
Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս յայտարարած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտման պատժելիութիւնը չի հակասեր միջազգային իրաւունքին: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետը այդ յայտարարութիւնը կատարած է ի պատասխան Յունաստանի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկման հետ կապուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «զգուշացումին»:
Էրտողան Կալէսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին 5 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Սամարասի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած էր. «Օրէնքի նախագիծը կրնայ դժուարութիւններ յառաջացնել երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ»:


