Եւրոպական յանձնաժողովը Հայաստանին 140-170 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն կը տրամադրէ 2014-էն 2017 թուականներուն ընթացքին բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակով. այս մասին կ՛ըսուի Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական կայքին երկուշաբթի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Այս գումարը Հայաստանին կը յատկացուի սեփական հատուածի զարգացման, հանրային կառավարման եւ արդարադատութեան մարզին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:


