Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի ապրած վերջին քանի մը ժամերը սեւ էին քաղաքական, բարոյական եւ մարդասիրական առումով:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ կատարուած արարքները ազգային համերաշխութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին` ընդգծելով, որ առեւանգումը եւ փոխադարձ առեւանգումը տիրող լարուածութիւնը աւելի եւս կը սրեն եւ երկիրը կ՛առաջնորդեն դէպի անորոշութիւն, ինչ որ վատագոյն իրականութիւնը կրնայ ըլլալ Լիբանանի համար:
Ան հարց տուաւ, որ արդեօք Արսալի վրայ կեդրոնացող արշաւը, Թրիփոլիի դէմ ստորագրուող յօդուածները եւ երկրին մէջ գրգռութիւններ ստեղծելու փորձերը միջոցնե՞ր են ազատ արձակելու առեւանգուած զինուորները: «Եթէ որոշած ենք այս ճամբան որդեգրել, ապա Լիբանանի դէմ սադրանքները աւելի եւս պիտի շեշտուին, մարդիկ լիբանանեան բանակէն ու պետութենէն պիտի հրաժարին եւ երկիրը պիտի թաթխուի համայնքային ու յարանուանական ցեխին մէջ», ըսաւ Հարիրի:
Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ առեւանգուած զինուորները բոլոր համայնքներէն եւ յարանուանութիւններէն են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զանոնք ազատ արձակելու միջոցներուն մասին մտածել եւ Պեքաայի, Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ ինքնազսպումի ենթարկուիլ:
Հարիրի ընդգծեց կառավարութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը եւ այս հանգրուանին անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնները` նկատի ունենալով, որ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն դժուար օրերը կ՛ապրի:
Հարիրի կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ սադրանքները իրենց օրօրոցին մէջ սպաննել եւ սուրիական ու իրաքեան իրավիճակը չընդօրինակել:


