«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Էտ Միլիպանտ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, փոխվարչապետ Նիք Քլեկ եւ ինք այսօր կը մեկնին Սկովտիա` տեղւոյն քուէարկողները համոզելու քուէարկելու շրջանի անկախութեան դէմ:
«Սկովտիացիներուն մեր ուղերձը պարզ պիտի ըլլայ` «մենք կ՛ուզենք, որ դուք մնաք», նշած է բրիտանացի երեսփոխանը:
«Մեզ շատ բան կը բաժնէ, սակայն կայ մէկ այլ կէտ, որուն մէջ մենք սրտանց կը համաձայնինք. Բրիտանիան աւելի լաւ է միասնութեան մէջ», աւելցուցած է ան:
Նախապէս, Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ճորճ Օսպըրն յայտարարած էր, որ պետութիւնը պատրաստ է աւելի լայն ինքնավարութիւն տրամադրելու Սկովտիոյ, եթէ Էտինպուրկ հրաժարի անկախութեան հարցին շուրջ հանրաքուէէն: Ըստ անոր, աւելի լայն իրաւունքներ կրնան տրամադրուիլ հարկերու եւ ընկերային մարզերուն մէջ:
Միւս կողմէ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ելեւմտական կարգաւորման վերահսկողութեան հարցերով բրիտանական վարչութեան ղեկավար Ճոն Կրիֆիթ-Ճոնզ յայտնած է, որ Բրիտանիոյ մէջ արտակարգ միջոցառումներ մշակած են Սկովտիոյ անկախութեան հռչակման պարագային: «Մենք մշակած ենք հիմնական միջոցառումներու ծրագիր` իրադարձութիւններու այդպիսի զարգացման պարագայի համար», յայտարարած է ան Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի ելեւմուտքի հարցերու յանձնախումբին մէջ:
Ըստ անոր, միջոցառումները կը վերաբերին մասնաւորաբար խորհրդատուական ծառայութիւններու տրամադրման մարդոց, որոնք պէտք է ստանան «զիրենք հետաքրքրող բոլոր հարցերուն» պատասխանները: Ատիկա կը պահանջէ անհրաժեշտ թիւով մասնագէտներու գոյութիւն:
Ըստ «Թի.Էն.Էս.» ընկերութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին, հանրաքուէէն 9 օր առաջ Սկովտիոյ անկախութեան զօրակցութեան համեմատութիւնը 38 առ հարիւր է, իսկ անոր դէմ` 39 առ հարիւր: Մէկ ամիս առաջ, ինչպէս կը նշէ «Թի.Էն.Էս.», Սկովտիոյ անջատման կողմնակիցներուն համեմատութիւնը միայն 32 առ հարիւր էր, իսկ դէմ եղողներունը` 45 առ հարիւր:
Նախապէս «ԵուԿով»-ի եւ «Սանտէյ Թայմզ»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ անկախութեան օգտին պատրաստ է քուէարկելու Սկովտիոյ բնակչութեան 51 առ հարիւրը, իսկ դէմ` 49 առ հարիւրը:


