Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկումը Ֆինլանտայի իշխանութեանց եւ շարք մը այլ եւրոպական երկիրներու որդեգրած կեցուածքին պատճառով քանի մը օրով յետաձգուած է:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփէյ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ դէմ ըստ մարզերու պատժամիջոցները ընդլայնելու շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյացուցած է, սակայն անոնց հրապարակումն ու կիրարկումը յետաձգուած է յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի գնահատէ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի պահպանումը:
«Նոր պատժամիջոցներու թղթածրարը` ընդդէմ Ռուսիոյ, Խորհուրդը ընդունած է այսօր (գրաւոր ընթացակարգով)` ընդլայնելով 31 յուլիսին որդեգրուած նպատակային միջոցառումները», յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:
Ըստ անոր, այդ պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի մտնեն պաշտօնական ամսագիրին մէջ հրապարակուելէ ետք, բան մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն:


