ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինք մը գոյացնելու: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ Թուրքիոյ մէջ այս հարցով հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ: Հարցը քննարկուած էր նաեւ Կալէսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Օպամա-Էրտողան հանդիպումին ընթացքին: 1.5 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու առարկայ դարձած էր Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ բնակող թուրք կրօնական գործիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցը: Վերջինս կ՛ամբաստանուի Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնը տապալելու փորձ կատարելու յանցանքով: Կիւլենի անունը կապուած է Էրտողանի, անոր որդիին ու շարք մը նախարարներու փտածութիւնը բացայայտած գաղտնալսումներուն հետ: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատեց, որ կարելի դարձած է Կիւլենի արտայանձնումը պահանջել Միացեալ Նահանգներէն:
Ուաշինկթըն կը փորձէ սիւննի երկիրներու մասնակցութիւնը ապահովել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին, եւ այս առումով Թուրքիոյ մասնակցութիւնը նպաստաւոր է շարք մը պատճառներով: 2003-ին Թուրքիա մերժած էր մասնակցիլ ամերիկեան ուժերու Իրաք ներխուժման, սակայն այդ մերժումը զինուորական գործողութեան վրայ ժխտական մեծ ազդեցութիւն մը չէր ունեցած: Այս անգամ պայմանները տարբեր են: Թուրքիան այն երկիրն է, որուն սահմաններէն Սուրիա եւ Իրաք մուտք կը գործեն ժիհատական զինեալները, անոնց զէնքն ու զինամթերքը, ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ ճամբով է, որ իր աւարած քարիւղը կը վաճառէ եւ օրական միլիոնաւոր տոլարներու շահ կ՛ապահովէ: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ մասնակցութիւնը կը նուազեցնէ Իրանի թէեւ ոչ պաշտօնական, սակայն անխուսափելի մասնակցութեան կշիռն ու ատոր համեմատ գանձելիք «գինը»: Ահա թէ ինչու Ուաշինկթընի համար Անգարայի մասնակցութիւնը կարեւոր է: Թուրքիան ասիկա լաւ գիտէ եւ ձրի ծառայութիւն մատուցելու մտադրութիւն չունի:
Նոր կտակարանը Յովհաննէս Մկրտիչի մահուան դրուագին մէջ կը պատմէ, որ Հերովդէս թագաւորը խիստ ցանկաց, որ Սողոմէն պարէ, իսկ վերջինս թագաւորին փափաքը կատարելու համար պահանջեց Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը: Այս պարագային Անգարա Ուաշինկթընի փափաքին համեմատ «պարելու» համար այլ պայմաններու կողքին կը պահանջէ Կիւլենի գլուխը: Կացութիւնը նոյնն է` կը մնայ տեսնել անոր աւարտը:


