Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1964)

September 9, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները
Նախագահ Ֆուատ Շեհապի Մօտ

0908_1964tashnagԵրէկ` երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապ ընդունեց ՀՅ դաշնակցութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը, Աժալթունի ամառնային իր ապարանքին մէջ:

Ունկնդրութիւնը, որ տեւեց մօտ կէս ժամ, տեղի ունեցաւ շատ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:

ՀՅ դաշնակցութեան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ թարգման հանդիսացան հայ համայնքի երախտագիտական զգացումներուն` այն համակրանքին, վստահութեան եւ հոգածութեան համար, որ զօրավար Ֆուատ Շեհապ ցոյց տուաւ հանդէպ հայութեան իր արդիւնաւէտ պաշտօնավարութեան վեց տարիներու ընթացքին: Մասնաւորաբար շեշտեցին այն նախախնամական դերը, որ ունեցաւ նախագահը այս գեղեցիկ երկրի կեանքին մէջ` ի խնդիր Լիբանանի փառքին եւ լիբանանցի ժողովուրդին բարօրութեան ու բարգաւաճման:

Նախագահը, իր կարգին, մեծ գովեստով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին` ընդգծելով պետականութեան, քաղաքացիի եւ հայրենիքի շեշտուած ըմբռնումը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին հաստատած է հայութեան մօտ: Նոյն ատեն, զօրավար Շեհապ դրուատեց հայութեան շինարար ոգին եւ լիբանանեան հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնները` այս առթիւ իր խոր հաւատքը յայտնելով Լիբանանի լուսաւոր ապագային համար:

Տեսակցութիւնը վերջ գտաւ փոխադարձ բարեմաղթութեան արտայայտութիւններով:

 

Նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապ շրջապատուած պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ

 

Զմմառի Հայոց Վանքի
Թանգարանին Բացումը

Երէկ` երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 1964, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին տեղի ունեցաւ Զմմառի հայոց դարաւոր վանքի թանգարանին բացումը` նախագահութեամբ կաթողիկէ հայոց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքի:

Բացման հանդէսին ներկայ էին` Պայեան Ռաֆայէլ, Ճենանճեան Յովսէփ, Թայրոյեան Ներսէս, Լայիքեան Գէորգ եւ Թերզեան Մեսրոպ եպիսկոպոսները, կաթողիկէ հայոց պետական երեսփոխան մեթր Ժոզեֆ Չատր, մեծաւորներ, բարձրաստիճան հիւրեր եւ ստուար թիւով հասարակութիւն մը:

Հանդէսին բացումը կատարելով` Զմմառի վանքի մեծաւոր Յովսէփ ծ. վրդ. Պասմաճեան կարդաց գեղեցիկ ուղերձ մը` ի մէջ այլոց ըսելով, թէ` «այսօրինակ թանգարանները, հայ արժէքներու պահպանումին եւ օգտագործումին ծառայող, միաժամանակ մեզ հայութեան հին շրջաններուն կապող զօդեր են»:

Ժապաւէնը կտրեց նախագահ Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. կաթողիկոս-պատրիարքը, կատարեց տնօրհնէքը եւ ապա խօսեցաւ բովանդակալից ճառ մը: Իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անցեալի մեր նախնեաց սիրոյ հոգին կը ժառանգենք այս մշակոյթի տան մէջ, որ թանգարան է, ձեռագրատուն եւ դիւան»:

Խօսք առաւ նաեւ նորակառոյց շէնքի բարերար Պօղոս Չիթոյեան: Ան յայտնեց իր ուրախութիւնը, թէ` «տրուած լուման լաւագոյն կերպով կ՛օգտագործուի հայ կրօնական եւ մշակութային արժէքներու գնահատումին եւ արժէքաւորումին համար»:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին առժամաբար թանգարանին մէջ դրուած մէկ մասը այն հին ու արժէքաւոր առարկաներուն` ձեռագիրներ, գիրքեր, շուրջառներ, սկիհներ, դրամներ եւ այլն, եւ այլն, որոնց ամբողջական դասաւորումը տեղի պիտի ունենայ շուտով, երբ աւարտի կարգ ու սարքի շինութիւնը` Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մեծագումար յատկացումով:

 

Կեանքը Քեսապի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Խարուկահանդէսը

(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Քեսապի լման բնակչութիւնը ակնդէտ կը սպասէ ամէն տարի բանակումի եկող սկաուտներն ու արծուիկները: Կը սպասէ զանոնք, որովհետեւ անոնց երեւումով Հայաստանի մանրապատկերը եղող այս շրջանը կեանք կ՛առնէ:

Այս տարի օգոստոսի կիսուն Քեսապ հասան Հալէպի, Ս. Օ. խաչի երկու շրջաններու արծուիկները եւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Ամէն օր կ՛երեւէին անոնք` զանազան շրջաններու մէջ, անխոնջ եւ ուրախ. կարծես ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը իրենց հետ կ՛արշաւէին ու իրենց անցած ճամբաներուն վրայ մասնիկ մը կը ձգէին:

Ընդունուած սովորութեան վերածուած է այլեւս, որ արծուիկներն ու սկաուտները բաժնուելէ առաջ Քեսապէն, իրենց գործունէութիւնը փակեն խարուկահանդէսով մը:

Ծերուկ մամիկները եւ պապիկները կ՛ուզեն դիտել կրակը, անոր շուրջ խայտացող արիներն ու արծուիկները, կեանքի շող մը տանելու իրենց հետ` տաքցնելու իրենց տարիքն առած հոգիները:

Երիտասարդները կը բոլորուին կրակին շուրջ ու իրենց ներաշխարհը կը լեցուի կենսունակութեամբ: Հայ սկաուտին վառած կրակը իրենց երակներուն մէջ շրջող արեան կու տայ եւ ահա առիթով մը եւս իրենց հայկականութիւնը կ՛ամրանայ, կը թրծուի դիմադրելու աւիւնով:

Չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ հաւաքուած էին շրջանին բոլոր բնակիչները:

Ճիշդ որոշուած ժամուն երիտասարդ ձայնով թնդաց սուրիական քայլերգը, որմէ ետք օրուան խօսնակը` Ա. Սիւլիւքճեան բացուած յայտարարեց հանդէսը:

Երկու սկաուտներ խարուկահանդէսի երգով կրակ տուին խարոյկին, որուն նոր բոցավառող լոյսին կողքին խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդի անդամ Վարուժան Հանէսեան: Խօսեցաւ խարոյկի խորհուրդին մասին, անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին` տալով անժխտելի իրականութիւններ:

Վ. Հանէսեան իր խօսքը փակեց հետեւեալ քառեակով.

Մեր շարքերն են ամրակուռ,
Անպարտելի եւ ամուր,
Մեր բանակը փառահեղ
Դաշտում, ձորում ամէն տեղ:

Վ. Հանէսեանի խօսքը արաբերէնի թարգմանեց Յ. Տէր Յակոբեան:

Ասկէ ետք գործադրութեան դրուեցաւ երկու ժամ տեւող յայտագիր մը, որ ուրախ մթնոլորտի մէջ պահեց բոլոր հանդիսականները:

Յայտագիրը կը խանդավառուէր մէջ ընդ մէջ եղած սկաուտական կանչերով եւ ծափերով:

Ուշ գիշերին վերջ գտաւ հանդէսը` «Ցտեսութիւն» երգով. բոլորին տրամադրութիւնը բարձր էր եւ կ՛ուզէին, որ ցտեսութիւնը ըլլա՛ր ցտեսութիւն:

Մասնաւոր գնահատանքի մեր խօսքը` խմբապետ Յ. Արապաճեանին, որ ոչ մէկ զոհողութիւն խնայած էր այս ձեռնարկի յաջողութեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. Սիրելը Լաւ Է

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.