Ռ. Հ.
Սիրելիներու օր էր, ամէնուրեք մարդիկ իրարու կը հրամցնէին կարմիր թուղթի մէջ փաթթուած սրտի ձեւով տուրմ եւ շաքար, ամէնուրեք սրտի ձեւով կարմիր փչուկներ կը թռցուէին օդին մէջ: Սէր, սէր, սէր կը քարոզէին մարդիկ ամէնուրեք` մոռնալով, որ ամէն անկիւնադարձի վրայ կռիւ կայ ու ատելութիւն: Ամէն անկիւնադարձի վրայ կռիւ կար ու ատելութիւն, բայց սիրելը լաւ էր անշուշտ: Հարիւր հոգիի կրնայինք հարցնել, թէ սիրե՞լը կը սիրէին, թէ՞ ատելը, գրեթէ բոլորն ալ պիտի պատասխանէին, որ սիրելը կը սիրէին: Սիրելը լաւ է:
Բայց սիրելը կարողութեան խնդիր է: Ամէն մարդ կրնա՞յ սիրել: Ամէն մարդ կրնա՞յ իր սիրտը լեցնել սիրոյ այն տեսակով, որ իրաւ սիրոյ տեսակն է, ընտիր սիրոյ տեսակ: Արդարեւ, չմոռնանք, որ սիրել կայ ու սիրել կայ: Մարդը օղի կը սիրէ. մարդը կերուխումը կը սիրէ, մարդը կին կը սիրէ, սեռային հաճոյք կը սիրէ, մարդը ֆութպոլ կը սիրէ, կամ թենիս կը սիրէ: Բայց ասիկա սիրել չէ: Մարդը սիրասուն փոքրիկի մը գլուխը կը շոյէ ու կը սիրէ զայն` սրտին մէջ տաքուկ բան մը զգալով, ա՛յս է սիրելը: Մարդը երեխային կը նայի ու յանկարծ կը վախնայ, որ երեխան կրնայ իյնալ, վիրաւորուիլ, սրտին մէջ պրկում մը կը զգայ, ա՛յս է սիրելը: Մարդը կը նայի նստարանին վրայ յանկարծ իր քով թառած թռչունին ու կ՛ուզէ զայն շոյել, սիրել, ա՛յս է սէրը: Ասիկա հաց-պանիր սիրելու չի նմանիր: Որովհետեւ, մենք անդրադառնանք կամ ոչ, երկու տեսակ սէր կայ: Մէկուն համար կրնանք ըսել, որ ֆիզիքական սէր է: Իրապաշտ սէր, կոշտ սէր, մեքենական, նոյնիսկ` անգիտակից սէր: Միւսին համար կրնանք ըսել, որ բարոյական սէր է, վիպապաշտ, նուրբ, կամ դիւրաբեկ: Առաջին տեսակէ սէրը տարածուն է, աժան է, բոլորին տրուած է, բայց երկրորդ տեսակը քիչերուն կը տրուի ու թանկագին է, սուղ է: Երկրորդ տեսակը մենք կը զգանք ամբողջ մեր հոգիով ու ամբողջ մեր մարմնով: Մեր սիրտը որքա՞ն լեցուն է այս երկրորդ տեսակէ սիրով: Յայտնի չէ, բայց մեր սիրտը որքա՛ն լեցուն է այս երկրորդ տեսակէ սիրով. այնքա՛ն լեցուն է նաեւ մեր կեանքը: Եւ ասիկա հրաշալի է: Որովհետեւ սիրել` կը նշանակէ պահ մը ապրիլ սիրուածին համար: Որովհետեւ սիրել` կը նշանակէ տառապիլ, մտածելով, որ օր մը կրնայ զրկուիլ իր սիրած բանէն: Որովհետեւ սիրել` կը նշանակէ գուրգուրալ իր սիրած բանին վրայ ու վախնալ, որ անոր բան մը կրնայ պատահիլ: Որովհետեւ սիրելը այստեղ կը նոյնանայ քաղցր տառապանքի հետ: Եթէ սիրոյ մէջ այս վախն ու գուրգուրանքը չկայ, ատիկա սէր չէ, վարժութիւն է պարզապէս, մոլութիւն է, ֆիզիքական կարիք է:
Աշխարհի վրայ ու կեանքի մէջ ի՜նչ հրաշալի բաներ կան, որոնք սիրոյ կրակ կրնան ստեղծել մեր սրտին մէջ: Պարտաւոր չենք սիրել զանոնք, բայց կը սիրենք: Կը սիրենք, որովհետեւ չենք կրնար չսիրել: Ա՛յս է սէրը. այն ընտիր սէրը, որ լաւ է: Հարիւր հոգի վարդի մը քովէն կ՛անցնի կ՛երթայ` առանց բան մը տեսնելու, բայց մէկը յանկարծ վարդը կը տեսնէ ու կանգ կ՛առնէ անոր քով: Կ՛ուզէ շոյել զայն, իր ափին մէջ առնել, հոտոտել: Կ՛ուրախանայ, որ Մայր Բնութիւնը ստեղծած է այդ վարդը: Ինք առանց վարդի ալ կրնար ապրիլ անշուշտ, բայց վարդը բան մը կ՛աւելցնէ անոր ապրելու երջանկութեան վրայ: Սիրել մը կ՛աւելցնէ: Այդ մարդը կը մտածէ, որ կեանքը շատ բան պիտի կորսնցնէր, եթէ վարդը ստեղծուած չըլլար:
Մայր Բնութիւնը անտարակոյս կրնար ստեղծել աշխարհ մը, ուր սէրը գոյութիւն չունենար: Կրնար ստեղծել աշխարհ մը, ուր մարդոց սիրտը սիրել ինչ է` չէր գիտնար: Բարեբախտաբար այդպէս չէ ըրած: Մարդուն տուած է սիրելու ընդունակութիւն մը: Մարդուն բացատրած է, որ կեանքը միայն ապրելու համար չէ, որ տրուած է. կեանքը տրուած է նաեւ սիրելու համար: Կեանքը եզակի է, իսկ սէրը յոգնակի է: Այսինքն մարդ ինքն իրեն համար կրնայ ապրիլ ու կը վերջանայ թէեւ, բայց ատոր մէջ միայն ինքը կայ, մինչդեռ սիրել կոչուածին մէջ միշտ ուրիշ մըն ալ կայ: Այլ խօսքով, ապրիլը առանձնութեան հարց է, բայց սիրելը «երկու» ըլլալու հարց է: Եթէ կը սիրես, քեզմէ զատ ուրիշ բան մըն ալ կամ ուրիշ մէկն ալ կայ: Անկարելի է ոչնչութիւն մը սիրելը, գոյութիւն չունեցող բան մը սիրելը: Սիրելը կը նշանակէ իրմէ դուրս գալ ու մտնել ուրիշին մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ ուրիշը թռչուն մըն է, կատու մըն է, երկնքի վրայ ամպ մըն է, գիշերուան մէջ փայլող աստղ մըն է: Այս պատճառաւ է, որ սիրելը լաւ է: Բայց նաեւ այս պատճառաւ է, որ սիրելը կարողութեան խնդիր է: Ոմանք սիրել պիտի չկարենան, որպէսզի ուրիշներ կարենան սիրել: Մայր Բնութիւնը չէ արտօնած, որ ամէն մարդ նոյն վայրկեանին նոյն բանը սիրէ: Եթէ արտօնած ըլլար, սիրելը կը դադրէր սիրել ըլլալէ: Եթէ հարիւր հոգիի բազմութեան մը հարիւր հոգին յանկարծ ծունկի կու գայ վարդի մը առջեւ ու այդ վարդը կը շոյէ գուրգուրանքով, ատիկա իրական սէր չէ, կ՛երեւի, թէ ֆիզիքական ներուժ մըն է, մարդոց համար հասարակաց նկարագիր մը, հասարակաց հակում, թուաբանական հաշիւի մը չափ ստոյգ ու անշեղ, կամ պարզապէս զինուորական կարգապահութեան մը հրամայականը: Ատիկա իրական սէր չէ: Միայն մէկ հոգի ծունկի պիտի գայ վարդին առջեւ, այն ատեն է, որ այս ծունկի գալը պիտի դառնայ սէր, միայն ծունկի եկող այդ մարդուն յատուկ սէր, միայն այդ մարդուն յատուկ կարողութիւն: Ուրիշները պիտի կարենան ոտնակոխ ընել վարդը, բայց այս մէկ մարդը պիտի կարենայ իր կեանքը տալ վարդի մը համար: Սէրը ա՛յս է: Որովհետեւ սէրը սէր է այն ատեն միայն, երբ զոհողութիւն կայ անոր մէջ, նաեւ` քիչ մը քաղցր տառապանք: Եւ այս տեսակ սիրելն է, որ լաւ է: Եւ ասոր համար է որ կը սիրենք սիրելը ու կ՛ատենք ատելը:


