Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը ողջունած է հիւրերը, որոնք Հայաստան եկած են հասարակական-քաղաքական գործիչ եւ հայասէր Ժան Ժորեսի մահուան 100-րդ եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցներու առիթով տեղի ունեցող ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նման փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք կարելիութիւններ կու տան ծանօթանալու երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, քննարկելու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ անշուշտ նոր թափ տալու միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման:
Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ բազմադարեան սերտ կապերը նոր որակ ստացած են երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր` վերածուելով առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքով, անոր վկայութիւնն է հայ-ֆրանսական կապերու վերընթաց զարգացումը բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւնը, միջխորհրդարանական սերտ կապերը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 30-է աւելի շրջաններու եւ քաղաքներու միջեւ սերտ գործընկերային կապերը, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:
Զրուցակիցները համակարծիք են, որ մայիսին Ֆրանսայի նախագահի պետական այցելութիւնը Հայաստան նոր թափ տուած է հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան գնահատելի նկատած է, որ Ֆրանսայի նախագահը հետեւողականօրէն եւ ուշադրութեամբ կարեւորութիւն կու տայ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն եւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:
Պրիւնօ Լը Ռու ըսած է, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը մեծ հայասէր Ժան Ժորեսի մահուան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ լաւ առիթ է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ բարեկամութիւնը, որուն ջատագովն էր Ժորեսը, աւելի խորացնելու:
Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է նաեւ ֆրանսացի օրէնսդիրներուն այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ «Ֆրանսա-Լեռնային Ղարաբաղ» բարեկամութեան շրջանակի ստեղծումը:


