Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ն Համաձայնական Դաշինք Կազմելու Հարց Չէ Դրած» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

September 6, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, լրագրողներուն հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է, որ ՀՅԴ-ն համաձայնական դաշինք կազմէ իշխող կուսակցութեան հետ` նկատի առնելով, որ ՀՅԴ-ն քառեակի ուժերէն միակն է, որ կողմ է սահմանադրական բարեփոխումներուն, ըսաւ. «Ո՛չ, ՀՅԴ-ն ոչ մէկ ձեւով համաձայնական դաշինք կազմելու հարց  դրած է, այդ նոյն հարցումը կ՛ուղղէին, երբ եօթը կէտերը կը ներկայացնէինք: Այն ժամանակ ալ ըսին. ՀՅԴ-ն կ՛ուզէ  համաձայնական դաշինք կազմել, ատոր համար կէտեր կը ներկայացնէ: Մենք մեր տեսակէտներն ունինք քսան-քսանհինգ տարիէ ի վեր, արտայայտած ենք եւ կը շարունակենք պաշտպանել այդ տեսակէտները: Եւ եթէ այդ տեսակէտներէն մէկը կը պաշտպանուի, մենք կը նկատենք, որ ատիկա դրական հոլովոյթ է եւ անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ՛ընդունի այդ տեսակէտը, մենք պատրաստ ենք համագործակցելու եւ այդ տեսակէտը իրագործելու»:

Ըստ պատգամաւորին, ոչ ոքի համար նորութիւն է, որ ՀՅԴ-ն կողմ  եղած է խորհրդարանական համակարգին: «Մեզի կ՛ըսեն, կողմ էք, չտեսնելով նախագիծը, մենք կ՛ըսենք, եթէ կ՛ուզէք խորհրդարանական համակարգին անցնիլ, անոր համար սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելը անհրաժեշտ է, մենք այդ պատճառով սահմանադրական բարեփոխումներուն կողմ ենք, ոչ թէ ինքնանպատակ կողմ ենք: Չենք կրնար կողմ չըլլալ սահմանադրական բարեփոխումներուն, եթէ կ՛ուզենք, որ համակարգը փոխուի, այլ ճամբայ չկայ: Ինքնանպատակ համաձայնական դաշինք  կազմելու ցանկութիւն Դաշնակցութիւնը երբեք չէ ունեցած: Եթէ այդպէս ըլլար, համաձայնական կառավարութենէն դուրս չէինք գար», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Ան նշեց, որ շուտով քառեակը հանդիպում կ՛ունենայ, եւ իրենք իրենց այս մօտեցումը կը պաշտպանեն: Ինչ կը վերաբերի քառեակի մասնատման, ան նկատել տուաւ, որ միշտ ալ ըսած են. քառեակ է մինչեւ այն ատեն, որ չորս ուժերով համաձայն են որոշ բանի մը շուրջ, մնացեալ հարցերուն մէջ ազատ են տնօրինելու իրենց տեսակէտները:

Նախորդը

Քասպրչիք. «Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Իրավիճակը Կայունացած Է»

Յաջորդը

Ժան Ժորեսի Մահուան 100-Ամեակին Առիթով Հայաստան Հասաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Ընկերվարական Խումբի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.