«Հայ-ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը զգալիօրէն կայունացած է», ըսած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիք, ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին: Ան ընդգծած է, որ իրավիճակի մեղմացումը յաջորդած է Սոչիի մէջ 10 օգոստոսին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումին:
«Ասիկա շատ դրական երեւոյթ է, եւ կը յուսամ, որ այսպէս կը շարունակուի», նշած է ան` զինադադարը խախտելու մէջ մեղադրելով երկու կողմերը:


