Հարաւային Լիբանանի Ատլուն շրջանին մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցաւ պայթում մը, որուն մասին աւելի ուշ յայտնուեցաւ, թէ իսրայէլեան գաղտնի լսումի սարք մը փճացնելու պատճառով եղած է:
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը բացայայտած է գաղտնի լսումի այդ սարքը եւ հազիւ թէ անոր մօտեցած է զայն անջատելու նպատակով, իսրայէլեան օդանաւ մը ռմբակոծած է սարքը եւ փճացուցած զայն:
Նշենք, որ սարքը զետեղուած էր Հըզպալլայի յատուկ հեռաձայնային սովորական հաղորդակցութեան ցանցի մը վրայ:
Պայթումը պատճառեց Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Ալի Հայտարի մահը:


