«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ անասնաբուժական եւ կանաչեղէններու առողջապահական վերահսկողութեան հարցերով զբաղող «Ռոսսելխոզնատզոր» դաշնակցային ծառայութիւնը մտադիր է արտօնել հաւկիթի, հաւի, կաթի եւ կաթնամթերքի ներածումը Թուրքիայէն` վերջինիս անասնաբուժական վկայագիրներով:
Այս մասին կը հաղորդուի սոյն ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ` յղում կատարելով գլխաւոր անասնաբոյժ Եւկենիա Նեփոքլոնովայի:
Բայց եւ այնպէս, թրքական կողմը պէտք է ներկայացնէ լրացուցիչ նիւթեր իր անասնաբուժական ծառայութեան երաշխիքներուն վերաբերեալ` որոշ տեսակի արտադրութեանց մատակարարումներուն սկսելու համար:


