
«Vz.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Սլովենիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոման Եաքիչ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ պալքանեան բոլոր երկիրները պէտք է ՕԹԱՆ-ի հետ սերտ համագործակցութիւն ունենան:
Ըստ նշեալ աղբիւրին, հանդիպումին գլխաւոր նիւթը կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ջանքերուն համախմբումը եղած է:
Հանդիպումին մասնակցած են ՕԹԱՆ-ի անդամ 24 երկիրներ, ներառեալ` Պոսնիան, Մոնթենեկրոն, Մակեդոնիան եւ Սերպիան:


