Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ, երէկ ՏԱՀԵՇ-ի սփռած տեղեկութեանց վերագրելով իրենց լուրը, յայտնեցին, որ շաբաթ մը առաջ Արսալի շրջանէն առեւանգուած լիբանանցի Քայիտ Ղատատէ գլխատուած է` «Հըզպալլայի հետ կապ ունենալուն համար»:
Նմանապէս, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ առեւանգած են տասը սուրիացիներ` հիմնուելով Ղատատէի «խոստովանութեանց» վրայ:
Լիբանանեան ներքին ապահովութեան ուժեր յայտնեցին, որ քննութիւնները կը շարունակուին այս հարցին գծով եւ թէ ներքին ապահովութեան ուժերու տարրեր այցելած են Ղատատէի ընտանիքին, որ «ցարդ տեղեակ չէ պահուած իր զաւկին սպանութեան մասին»:


