Քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւորականներու ժողով մը տեղի ունեցաւ երէկ Թրիփոլիի յոյն ուղղափառ առաջնորդարանին մէջ ներկայութեամբ առաջնորդ Աֆրամ Քիրիաքոսի եպիսկոպոսին, եպիսկոպոսներ Ժորժ Ապու Ժաուտէի եւ Էտուար Հաժի, Թրիփոլիի Տար Ֆաթուայէն պատուիրակութեան մը եւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետին:
Քննարկելով երկրին, յատկապէս Թրիփոլիի կացութիւնը ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ժողովական
ները ընդգծեցին միակամ շարքերով Թրիփոլիին սպառնացող վտանգներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ «հակառակ բոլոր փոթորիկներուն, Թրիփոլի կը մնայ համակեցութեան օրինակելի շրջան»: «Լիբանան բոլորին է, եւ մարդիկ միշտ զոհ են` իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով», ընդգծեցին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնաւորները:


