Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հարցադրում կատարեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին` ցանկալով պարզել, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՞նչ արժէքներ կը կիսեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Համբարեան այս մասին գրած է «թուիթըր»-ի իր էջին վրայ, պատասխանելով Ուորլիքի աւելի կանուխ կատարած յայտարարութեան:
Ճէյմս Ուորլիք մասնաւորապէս նշած էր. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կը մասնակցին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին. մեր ընդհանուր արժէքներու եւ նպատակներու ազդեցիկ հաստատումով»:


