Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Արման Սաղաթելեանի, Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաքու այցելելով Թուրքիան դուրս դրաւ շրջանային հոլովոյթներէն:
«Պաքուի մէջ Էրտողան Ալիեւի «դիմագիծի փրկութեան» իր շոյով Թուրքիան վերջնականապէս դուրս դրաւ շրջանային հոլովոյթներէն», գրած է Սաղաթելեան «թուիթըր»- ի իր էջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան չորեքշաբթի Պաքուի մէջ յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը բնականոնանան միայն, երբ լուծուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող տագնապը:


