«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ այս կիրակի Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ:
Վանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Մուզաֆֆեր Աքթուղի համաձայն, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը արդէն ղրկած է անուններուն ցանկը անոնց, որոնք Թուրքիայէն կամ այլ երկիրներէ պիտի մասնակցին Աղթամարի արարողութեան: Ցանկին վրայ կան անունները պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի, յոյն ուղղափառներու Բարթողիմէոս պատրիարքին, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Չեթինի, Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի եւ անոնց նման բազմաթիւ հոգեւորականներու:
Արարողութենէն ետք կազմակերպուած համերգի մը ընթացքին միասնական ելոյթ պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի աշուղ կիներու երգչախումբերը:
«Տրուած ըլլալով, որ արարողութիւնն ու համերգը անոնց կը պատկանի, մենք պարզապէս պիտի ստանձնենք զանոնք լաւագոյնս հիւրասիրելու եւ Վանը անոնց լաւագոյնս ներկայացնելու պարտականութիւնը», ըսած է Աքթուղ:


