Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Արժանթինի արտաքին գործոց փոխնախարար Էտուարտօ Անթոնիօ Սուայինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Երեւան եկած էր արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով:
Ողջունելով հիւրերը նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ յուլիսին Հայաստանի նախագահին Արժանթին պաշտօնական այցելութիւնը նոր թափ տուած է տարբեր մարզերու մէջ երկկողմ համագործակցութեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները միացեալ ջանքերով կեանքի պիտի կոչուին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Արժանթինի արտաքին գործոց փոխնախարար Սուային ընդգծեց, որ Արժանթին կ՛ուզէ խորացնել Հայաստանի հետ բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը, եւ այդ առումով կարեւոր նկատեց պարբերական բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները:
Նախարար Նալբանդեան իր կարգին ընդգծեց, որ Արժանթինի մէջ կազմակերպուած հայ համայնքի ներկայութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ ստեղծուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման:
Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ մուտքի արտօնագրային դրութեան բացակայութիւնը, հարուստ իրաւապայմանագրային դաշտի գոյութիւնը, երկու երկիրներու մայրաքաղաքներու քոյր-քաղաքներ հանդիսանալը կարեւոր գործօն են երկկողմ գործակցութեան խորացման համար:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-արժանթինեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղիներուն շուրջ, կարեւոր նկատուեցաւ համագործակցութեան սերտացումը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը, ապակեդրոնացած գործակցութեան ամրապնդումը, գիտական, կրթական, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացումը:
Հանդիպումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան եւ Արժանթինի արտաքին գործոց եւ պաշտամունքի նախարարութեան ազգային արտաքին ծառայութեան հիմնարկի տնօրէն Խուան Վայէ Ռալէյք իրենց կողմէ ղեկավարուող ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին:


