
Ազրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող Յակոբ Ինջիղուլեանի եղբայրը` Յարութիւն Ինջիղուլեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ յայտնեց, որ Յակոբը 26 օգոստոսին տեղափոխուած է երրորդ երկիր մը:
«Մեզի այս մասին փոխանցած են Կարմիր խաչի գրասենեակէն, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած: Թէ ո՛ր երկիրը տեղափոխած են, ատիկա ալ չենք գիտեր: Մեզի ըսած են սպասեցէք, մինչեւ որ Յակոբ ինք ձեզի հետ կապ հաստատէ», աւելցուցած է Յարութիւն Ինջիղուլեան:
Ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան, տեսողութեան խնդիրներ ունեցող 22-ամեայ հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեան դիրքերու վրայ զինուորական ծառայութիւնը կատարած ատեն 8 օգոստոս 2013-ի գիշերը սխալմամբ հատած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծը եւ յայտնուած հակառակորդի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ` գերի բռնուելով ազրպէյճանցիներուն կողմէ:


