
Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ տեղի ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու- մասնագիտական յանձնախումբի նիստ` Գագիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ:
Նիստին ընթացքին յանձնախումբին անդամները շարունակած են սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի վերաբերեալ քննարկումները, որուն ամփոփուած եւ թարգմանուած տարբերակը պէտք է ներկայացուի «Իրաւունքի միջոցով ժողովրդավարութեան եւրոպական յանձնախումբ»-ի (Վենետիկի յանձնախումբի) փորձագէտներուն` 19-20 սեպտեմբերին սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամներուն հետ նախատեսուած հանդիպումին ընթացքին քննարկելու նպատակով:


