Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոչարեան Հայաստանի Տնտեսութեան Իրավիճակի Լաւատեսական Գնահատականի Համար Պատճառներ Չի Տեսներ

August 30, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոպերթ Քոչարեան
Ռոպերթ Քոչարեան

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կարծիքով, Հայաստան այժմ մտած է «բացասական սպասումներու մեծ շրջանը»:

«Մեր տնտեսութեան իրավիճակի եւ հեռանկարի լաւատեսական գնահատականի համար ո՛չ ներքին եւ ո՛չ ալ արտաքին պատճառներ ունիմ: Աւելի՛ն, ի յայտ եկած են համաշխարհային բնոյթի նոր սպառնալիքներ, որոնց ազդեցութեան աստիճանը տակաւին կարիք ունի գնահատման: Ինչպէ՞ս կ՛ազդեն Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ փոխադարձ պատժամիջոցները համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, ռուսական տնտեսութիւնը, ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ անոր,   որքա՞ն երկար կը տեւէ ատիկա, կ՛աւելնա՞ն պատժամիջոցները, թէ՞ ոչ եւ այլն», ըսած է նախկին նախագահը, Ռուսիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Նոեւ Կովչեկ» ռուսերէն թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ: «Անհասկնալի է, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի Հայաստանի տնտեսութեան շրջանային բաղադրիչին հետ Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելէ ետք (խօսքը կը վերաբերի Իրանի եւ Վրաստանի հետ ապրանքաշրջանառութեան): Եւ ընդհանրապէս, ճարտարագիտական առումով ինչպէ՞ս պիտի գործէ միասնական մաքսային տարածքը Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ սահմանուած պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ: Այս հարցումներուն պատասխանները կա՛մ չկան, կա՛մ ալ կը կրեն ենթադրական բնոյթ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մենք բացասական սպասումներու մեծ շրջան մտած ենք», աւելցուցած է Ռոպերթ Քոչարեանը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ  հանրապետութեան տնտեսութեան առողջացման համար ի՞նչ  քայլերու պէտք է ձեռնարկել նախ եւ առաջ, նախկին նախագահը ըսած է, թէ առաջնահերթութիւնը պէտք է դարձնել տնտեսութեան աճն ու աշխատանքի վայրերու ստեղծումը, այլ ոչ թէ ամէն գնով պիւտճէն լեցնելը: Քոչարեան, որուն պաշտօնավարութեան տարիներուն կը   կապուի Հայաստանի մէջ  սակաւապետերու աննախընթաց հզօրացումը, կարեւոր նկատած է առեւտուրի համար արդար մրցակցային միջավայրի ստեղծումը:

«Անոր  կարելի  չէ հասնիլ առանց տնտեսութեան ապամենաշնորհացման եւ ազդեցիկ պետական պաշտօնեաներու  եւ անոնց մտերիմներուն ախորժակի զսպումին: Պէտք է յստակ ազդակ տալ հասարակութեան, որ որեւէ գործարար նախաձեռնութիւն փափաքելի է եւ օժանդակութեան կ՛արժանանայ, առանց հաշուի առնելու, թէ որո՛ւն շահերուն ատիկա կը դպնայ: Ստեղծել այդպիսի օժանդակութեան արդիւնաւէտ շուկայական մեքանիզմներ: Աւելի լաւ է մոռնալ անձնական շահերը: Որեւէ իշխանութիւն, որ կը յաջողի ատիկա ընել, ուղղակի հասած կ՛ըլլայ յաջողութեան», ըսած է Քոչարեան եւ աւելցուցած. «Ի միջի այլոց, բնաւ չէր խանգարեր դադրեցնել աշխատանքային շաբթուան կազմալուծումը բազմաթիւ մեռելոցներով եւ վերադառնալ նախկին ժամային գօտի: Անբնական է, որ օգոստոսին առաւօտեան ժամը 6:00-էն արդէն լոյս է, երեկոյեան 8:00-ին` մութ, իսկ աշխատանքային օրը կը սկսի ժամը 9:00-ին: Ասիկա երկրին պարտադրուած ոչ թէ արագացման, այլ արգելակման ապրելակարգ է»:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Ներկայացուեցաւ Իրանի Զինուորական Նոր Կցորդը

Յաջորդը

Ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեան Տեղափոխած Են Երրորդ Երկիր

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։