Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Բանակայինի Մը Գլխատման Եւ Այլ Շշուկներու. Բանակը Կը Խափանէ Ահաբեկչական Ոտնձգութեան Փորձ Մը

August 29, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

28-08-14-10635958_562944937166841_2542306064079340300Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն մարդատար վան մը փորձած է շրջանցել բանակի մէկ անցարգելը եւ ապօրինի ձեւով մուտք գործել Լիբանան` Ռաշայա գաւառի Այն Աթա գիւղաքաղաքին ճամբով: Տասը լիբանանցիներ ու երեք սուրիացիներ փոխադրող վանը մերժելով ընդառաջել բանակի անցարգելին ներկայանալու կոչին, կրակ բացած է բանակի դիրքին դէմ: Փոխադարձ կրակոցին պատճառով սպաննուած է սուրիացի մը` Սամի Սալահ Ռաժապ եւ վիրաւորուած երկու ուրիշ սուրիացիներ: Բանակը ձերբակալած է վանի վարորդը (լիբանանցի մը) եւ անոր ճամբորդները: Յետ քննութեան ի յայտ եկած է, թէ անոնցմէ երեքը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ են, իսկ մնացեալ եօթն սուրիական ազատ բանակի անդամ: Անոնք խոստովանած են, թէ Ժեպել Շէյխի մերձակայ շրջանէն գալով կը փորձէին երթալ Պեքաայի շրջանը միանալու իրենց զինակիցներուն, ահաբեկչական գործողութեան մը նախապատրաստութեան համար:

Միւս կողմէ, բանակը ձերբակալեց Արեւմտեան Պեքաայի Սուէյրի շրջանին մէջ ապաստանած ահաբեկիչներու խմբակ մը` բաղկացած 5 սուրիացիներէ:

Աւելի ուշ բանակը նոյն շրջանին մէջ ձերբակալեց նաեւ վեցերորդ մը, որ ծագումով դարձեալ սուրիացի է եւ անդամ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումին: Վերջինս` Մոհամետ Պարաքաթ, մասնակցած է լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած ահաբեկչական ճակատումներուն, ինչպէս նաեւ` մէկէ աւելի ձերբակալման հրամանագիրներ արձակուած են իր դէմ` ահաբեկչական եւ այլ յանցանքներով:

Վատթարացում` Թրիփոլիի Մէջ

Աւելի ուշ, Աքքար-Պըրքայէլ քառուղիի Թրիփոլի-Հալպա մայրուղին փակուեցաւ` առ ի զօրակցութիւն լիբանանեան բանակին: Քիչ ետք բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ ճամբան, որ փակուած էր ՏԱՀԵՇ-ի մէկ անդամին կողմէ «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած լուրէն ետք, ըստ որուն ՏԱՀԵՇ առեւանգեալ զինուորներէն մէկուն գլխատման սպառնալիքը գործադրած է: Լուրին կ՛ընկերանար նաեւ նահատակ զինուորին պատկերը:

Նախորդը

Խորապէս Մտահոգելով Տեղական Թէ Արտաքին Շրջանակները`. Արսալի Կացութեան Վերստին Բռնկումը Զօրաշարժի Մատնեց Կառավարութիւնն Ու Պատկան Կողմերը

Յաջորդը

Քննելով Երկրին Հրատապ Հարցերը`. «Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Ճիգ Պիտի Զլանայ` Փրկելու Իր Քաղաքացիները» Յայտարարեց Նախարար Ռամզի Ժըրէյժ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.