ՄԱԿ հաստատեց, որ զինեալ խմբաւորում մը Կոլանի մէջ իր խաղաղապահներէն 43-ը գերեվարած է եւ կազմակերպութիւնը իր կարելին կ՛ընէ անոնց ազատ արձակման համար:
Կոլանի մէջ գտնուող 1200 զինուորներէ բաղկացած խաղաղապահ ուժերը կազմուած են Ֆիճիէն, Հնդկաստանէն, Իրլանտայէն, Նեփալէն, Հոլանտայէն եւ Ֆիլիփինեան կղզիներէն եկած զինուորներէ: Յստակ չէ, թէ գերեվարուած զինուորները ի՛նչ ազգութեան կը պատկանին:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի երկու առիթներով Կոլանի մէջ խաղաղապահներ գերեվարուած էին, սակայն հետագային ազատ արձակուած:


