ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները երեքշաբթի օր Մինսքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Մաքսային միութեան զարգացման հարցը:
«Մաքսային միութեան պետութիւններու ղեկավարները` Վլատիմիր Փութին, Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, շարունակած են հանդիպումը: Տեղի ունեցած է առարկայական զրոյց Մաքսային միութեան օրակարգի արդիական հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ», նշած է Փեսքով:
26 օգոստոսին Մինսքի մէջ տեղի ունեցած է Մաքսային միութիւն-Ուքրանիա-Եւրոպական Միութիւն ձեւաչափով հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուած են տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ներառեալ` Եւրոպական Միութեան հետ Քիեւի Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը:


