
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու կողքին եօթը երկիրներ` Ալպանիա, Քանատա, Խրուաթիա, Դանիա, Իտալիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, խոստացան փեշմերկաներուն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ զէնք ու սպառազինութիւն տրամադրել»:
Ան իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ իրենք կը գնահատեն գործընկերներու եւ դաշնակիցներու կողմէ իրաքցի ժողովուրդին ահաբեկչական կազմակերպութեան մը դէմ աջակցելու վճռակամութիւնը` շեշտելով, որ միջազգային այս ջանքը, որ համակարգուած է Պաղտատի մէջ իրաքեան կառավարութեան հետ, քրտական ուժերուն մեծ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ` ընդդէմ «ահաբեկչական բարբարոսական սպառնալիքին», զոր կը դիմակայեն:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց. «Յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ երկիրներ պիտի միանան այս ցանկին»:


