Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը երէկ բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է, երբ Քնէյթրա քաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բախումներ սաստկացած են:
Շրջանի հրեայ հողագործներուն հրամայուած է Սուրիոյ սահմանակից արտերէն հեռանալ, ինչպէս նաեւ քաղաքայիններու վերապահուած բազմաթիւ հրապարակային վայրեր փակուած են:
Իսրայէլեան «Ռոթըրնեթ» կայքը հաղորդած է, որ իսրայէլացի զինուոր մը վիրաւորուած է, երբ իր գտնուած դիրքին մօտ հրասանդէ արձակուած ռումբ մը ինկած է: Կայքը նաեւ նշած է, որ մինչեւ հիմա յստակ չէ, եթէ այդ ռումբին արձակումը դիտաւորեալ էր, թէ ընթացող բախումներուն պատճառով սխալմամբ ինկած է:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը կը փորձէ գրաւել Քնէյթրայի սահմանային անցքը, որուն պատճառով ալ քաղաքին մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: «Ետիոթ Ահրոնոթ» նշեց, որ բախումներուն պատճառով Կոլանի սահմանին իսրայէլեան կողմին վրայ հրդեհ ծագած է:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ աւելի ուշ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը հակադարձելով հրասանդէ արձակուած ռումբերուն` ռմբակոծած է սուրիական բանակին պատկանող դիրք մը:


