Յունաստանի խորհրդարանը յետաձգած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին քննարկման հարցը: Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Հարալամպոս Աթանասիուի նախաձեռնութեամբ մշակուած օրինագիծի քննարկումը դուրս եկած է խորհրդարանի այս շաբթուան օրակարգէն` այն պատճառաբանութեամբ, որ գոյութիւն ունին թեքնիք կարգ մը խնդիրներ, զորս հարթելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ օրինագիծը ներկայացնել երեսփոխաններու դատին:
«Ազատ օր»-ի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ օրինագիծը մէկ շաբաթէն քննարկման պիտի դրուի:
Նախատեսուած էր, որ Յունաստանի վարչապետն ու փոխվարչապետը երէկ հանդիպում ունենալով քննարկեն օրինագիծը եւ փորձեն հասկնալ տարակարծութեանց պատճառը, մեղմացնեն զանոնք եւ օրինագիծի բարեփոխուած տարբերակը քննարկման համար ներկայացնեն խորհրդարանին:
Յարութիւննեան կը հաղորդէ, որ այս հարցին մէջ շատ գործունեայ է նաեւ Յունաստանի հայ համայնքը: Տակաւին օրինագիծի ներկայացումէն 7 ամիս առաջ համայնքին ներկայացուցիչները բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են խորհրդարանին մէջ ընդգրկուած բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկումներ կատարած: «Բազմաթիւ երեսփոխաններ դրական վերաբերմունք ունին եւ կը կարծեն, որ ինչպէս հրէական ցեղասպանութեան, նոյնպէս ալ հայերուն եւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է քրէականացուի: Վերջին պահուն արդարադատութեան նախարարը օրինագիծին քննարկումը յետաձգեց` պատճառաբանելով, որ խօսքի ազատութեան եւ սահմանափակման առնչութեամբ հնչած են կարգ մը տարակարծութիւններ, եւ այդ խոչընդոտներէն ետք միայն օրինագիծը պիտի քննարկուի», ըսաւ Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ հայ համայնքը լուրջ աշխատանք կը կատարէ` հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ Յունաստանի խորհրդարանը 1996-ին ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 24 ապրիլը ընդունած է իբրեւ յիշատակի օր:
«Իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին Յունաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ երկրին երեք մեծ քաղաքներուն մէջ կը կազմակերպուին յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններ: Հետեւաբար, այս բոլորը հաշուի առնելով, պէտք է նաեւ քրէականացուի ցեղասպանութեան ժխտումը, ինչպէս ատիկա կը կատարուի Ողջակիզումի պարագային», ըսած է Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ համայնքին մէջ լիայոյս են, որ արդարութիւնն ու բարոյականութիւնը պէտք է յաղթանակեն, եւ մէկ շաբաթէն խորհրդարանականները պէտք է որդեգրեն օրինագիծը: Յարութիւնեան կը նշէ, որ համայնքը ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր զարգացումներուն եւ անմիջապէս կ՛արձագանգէ:
22 օգոստոսին Յունաստանի խորհրդարանի օրակարգին վրայ բերուած էր ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը: Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Հարալամպոս Աթանասիու յայտարարած էր, որ «Այլատեացութեան դէմ» օրէնքին մէջ աւելցուած է Պոնտոսի յոյներու, հայերու եւ Փոքր Ասիոյ ցեղասպանութիւններուն հերքումը քրէականացնելու վերաբերեալ յօդուած:
«Օրինագիծին վերջնական տարբերակին համաձայն, Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու հերքումը յանցագործութիւն պիտի նկատուի: Բացի ատկէ, պիտի քրէականացուի նաեւ յունական եւ միջազգային դատարաններու վճիռներով որդեգրուած ցեղասպանութիւններուն հերքումը», ըսած է նախարարը:
Օրինագիծը խորհրդարանին մէջ պէտք էր քննարկուէր երէկ եւ այսօր:


